2014-12-24 10:20:27

Յովհաննէս Եպս. Թէյրուզեանի Սուրբ Ծննդեան ու Ամանոր 2014-ի պատգամը` Քրիստոնեան առանձնութեան դիմաց։


ՍԻՐԵՑԵԱԼ ՔԱՀԱՆԱՅ ԵՂԲԱՅՐԱԿԻՑՆԵՐ,
ՔՈՅՐԵՐ ԵՒ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ Ի ՔՐԻՍՏՈՍ

Ծնունդը տօնն է ընտանիքին, ընկերային համախմբումներուն եւ Մարդկութեան: Ծնունդն է Ներումի մարդոց միջեւ եւ Խաղաղութեան ազգերու: Աղբիւրն է ուրախութեան, երջանկութեան: Տօնել Ծնունդն իրաւունքն է մարդուն, զոր Աստուած ստեղծեց սիրով եւ, տեսնելով զայն առանձին մեղքին մէջ ինկած, մարդացաւ ու դարձաւ ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ, Աստուած մեզի հետ: Ս. Երրորդութիւնը անոր կեանքին ընկերը դարձաւ, նախախնամեց զինք դժուարութիւններուն ընթացքին, անոր անցկութեան ժամանակ ժպիտը վերադարձուց, առանձնութեան պահերուն՝ ուրախութիւնն ու խաղաղութիւնը:
Ամենածանր մեղքը դարուս եւ յատկապէս յառաջադէմ ու բարկաւաճ երկիրներուն լճացումն է «ես»ին մէջ. առանձնութիւն, եսասիրութիւնը, անհատսիրութիւնը: Հիւանդութիւն մը, որ կը դատապարտէ իր զոհերը հոգեկան աղքատութեան, որ աւելի վտանգաւոր է քան անողորմ անօթութիւնը: Այս զոհերը կը դատապարտուին առանձնութեան, կը զրկուին սէրէն ու գուրգուրանքէն:
Շաբաթներ առաջ, մամիկ մը, անուշ ու գողտրիկ ձայնով, հեռաձայնեց ու փափաքեցաւ ինծի ծանօթանալ: Ժամադրութիւն մը խնդրեց եւ ինքը որոշեց օրն ու ժամը: Սիրով ընդառաջեցի խնդրանքին: Որոշուած օրը, ան ներկայացաւ: Զինք ընդունեցայ, կարծես լուսահոգի մայրս ըլլար, որուն դիմագիծը ներկայ էր աչքերուս առջեւ: Մամիկին պայծառատեսութիւնը եւ անմեղ ժպիտը ինծի ներշնչեցին քաջութիւնն ու հաճոյքը զինք լսելու: Անոր աչքերը կփարտայայտէին դառնութիւն մը, որ զիս յուզեց ու խռովեց: Ան յանձնեց ինծի փաստաթուղթ մը, որով կը կտակէ տունը Հայաստանի ու Լիբանանի Հայ որբանոցներուն: Ի զուր փորձեցի փարատել իր վիշտը: Ան կը տառապէր առանձնութենէն, որուն մէջ ինկաւ 1915-ի ջարդէն հրաշքով ազատուած հօր մահէն ետք: Այս առանձնութիւնը աւելի շեշտուեցաւ իր «Սուրբ» ամուսինին մահով, ինչպէս որ ան յորջորջեց զինք: Ան մի քանի անգամ կրկնեց թէ առանձին կ'ապրի, որովհետեւ ոչ զաւակ ունի ոչ ալ ազգական: Ոչ ոք կ'այցելէ իրեն, կապ պահեն հետը ու սփոփեն զինք: Ան անպէտ կը նկատէր ինքզինքը կեանքին մէջ, զոր անիմաստ կը գտնէ: մէկ ժամուայ այցելութեան աւարտին, խոստացայ, ասկէ ետք, առանձին չթողուլ զինք ու յաճախ այցելել:
Հանդիպումը զիս մղեց Ծննդեան պատգամը գրել ու լուսաբանել թէ արդի ընկերութիւնը, յանձնուած աշխարհականացման գիրկը, ինքզինք զրկեց միասին ըլլալու բարերար շնորհքէն: Ամէնքս կը նշմարենք առանձնութիւնը արագաքայլ կ'աճի յատկապէս արեւմտեան բարգաւաճ երկիրներուն մէջ: Մեկուսացումի երեւոյթը կը հարուածէ բոլոր սերունդները, յատկապէս երիտասարդներն ու տարիքոտները: Այս երեւոյթը կը շեշտուի երիտասարդներուն մօտ գործ գտնելու դժուարութեան եւ եկամուտի պակասին պատճառաւ, իսկ տարիքոտներուն մօտ կը վատթարանայ թիւին հաւելումին, օգնութիւններուն նուազումին, կեանքի սղութեան հասնելու համար ընտանիքի բոլոր անդամներուն աշխատելու ստիպողութեան եւ նաեւ ընտանեկան յարաբերութեան գաղջութեան:
Եղբայրաբար կը խոստովանիմ. ես ալ կը տառապիմ առանձնութենէն: Բարեբախտաբար ունիմ աղօթքներս, ընթերցումներս ու գրութիւններս, ինչպէս նաեւ՝ հոգերը ժողովուրդիս, որոնցմով կը լեցնեմ ժամանակս: Կը խորհիմ թէ ամէնքս, կեանքի զանազան պարագաներուն, կ'ունենանք նոյն փորձառութիւնը առանձնութեան: Վատթարագոյնը այսօր այս հարցին մէջ, մեր համակերպումը այս վիճակին, երբեմն անկախաբար կամքէն: Կը մոռնանք թէ կեանքը գեղեցիկ է միութեան եւ միասնականութեան պազմակողմանի երեսներով: Ան անբաժան ամբողջութիւն մըն է, որ կ'ընդգրկէ ուսումի ու հանգիստի, աշխատանքի ու արձակուրդի, ամփոփումի ու զուարճումի պահեր: Մարմինը կը կարօտի բազմազան կենսանիւթերու, կեանքն ալ՝ զանազան գործունէութիւններու, որոնք կը պահանջեն մարդոյժի ու համագործակցութեան: Բոլորն ալ կը սատարեն իրենց մասնակցութեամբ կեանքի երջանկութեան լրումին: Բոլորն ալ օգտակար են աշխարհի վրայ եւ իւրաքանչիւրը ունի իւրայատուկ բարեմասնութիւններ: Ամէնքս կը կարօտինք որ մարդիկ բաժնեն մեր յուզումները: Կը սպասենք իրարմէ ժպիտ մը ու քաջալերանքի խօսք մը: Կը փափաքինք որ մարդիկ մեր աչքերուն մէջ նային ու ներշնչեն վստահութիւն, գաւաթ մը պաղ ջուր կամ տաք թէյ մը տան:
Մարդը ընկերային է, պարտի ամրապնդել յարաբերութիւնները ուրիշին հետ: Ան չի կրնար հրաժարիլ ընկերութեան նպաստէն եւ ոչ ալ մերժել իր մասնակցութիւնը բերել մարդկութեան: Նոյն իսկ ճգնաւորը իր ճգնարանին մէջ երբեք առանձին չ'ապրիր: Ան հետը ունի Աստուած, Եկեղեցին ու մարդկութիւնը: Ահա ինչու ան միշտ ուրախ: Ան կը գտնէ իր երջանկութիւնը որդիական յարաբերութեամբ՝ Աստուծոյ հետ, եղբայրական ու հոգեկան՝ Եկեղեցւոյ եւ մարդկութեան բոլոր անդամներուն հետ:
Քրիստոնեան գիտէ թէ վերջին դատաստանը պիտի դառնայ սիրոյ շուրջ. «Որովհետեւ անօթեցայ եւ դուք կերակրեցիք զիս, ծարաւի էի եւ դուք խմցուցիք ինծի, պանդուխտ էի եւ դուք ընդունեցաք զիս, մերկ էի, զգեստաւորեցիք զիս, հիւանդ էի, այցելեցիք ինծի, բանտն էի, եկաք զիս տեսնելու» (Մատթ. 25, 35-36):
Խուսափելու համար առանձնութենէն եւ վնասակար հետեւանքներէն, ինչպէս անցկութիւնը, պրկումը, ջղայնութիւնը, ջիղերու սպառումը, ընդունակութիւնը հիւանդանալու, անհրաժեշտ է դառնալ ընտանեկան ու ընկերային կեանքի: Ս. Ծննդեան տօնը մեզ կը հրաւիրէ ճաշակելու միասին ըլլալու ջերմութիւնը, միանալու եւ ապրելու բազմանդամ ընտանիքի մը մէջ, համեմուած սիրով ու համերաշխութեամբ: Ան մեզ կը քաջալերէ քանդելու պատերը մեր միջեւ ու ամրապնդելու ընկերային յարաբերութիւնները: Մարդը առանձնութեան մէջ մեռած էակ մըն է:
Տենդագին երազս է տեսնել համայնքի բոլոր անդամները միացած կազմելու համար մէկ ընտանիք նորածին մանուկ Յիսուսի շուրջ, որ գիտցաւ իր անհուն սիրով ու պարզութեամբ, համախմբել իր շուրջ հովիւներն ու մոգերը, աղքատներն ու հարուստները, խոնարհներն ու մեծամեծները, մեղաւորներնու արդարները: Ան տիպար է մեզի իր հաղորդակցութեան կեանքով Մարիամի եւ Յովսէփի, համեստ առաքեալներուն եւ ժողովուրդին հետ:
ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ ԵՒ ԱՄԱՆՈՐ 2014








All the contents on this site are copyrighted ©.